Ծանր սպաննութիւն մը արձանագրուած է Լիբանանի մէջ: Սպաննեալը կը կոչուի Մոհամմատ Հոճայրի, եւ անոր դիակը գտնուած է լիբանանեան բանակի գլխատուած զինուոր ՝ Մոհամմատ Համիյէի Թարեա շրջանին մէջ գտնուող գերեզմանատան մէջ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նոյնպէս կը յայտնեն, որ սպաննուողը Արսէլի հեղինակութիւններէն համարուող Մուսթաֆա Ալ Հոճայրիի (յատնի ՝ Ապու Թաքիյէ անունով) եղբօր որդին է: Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ Հոճայրի սպաննուած է լիբանանեան բանակի զինուոր Մոհամմատ Համիյէի հօր ՝ Մաարուֆ Համիյէի ձեռամբ: Համիյէի այս մասին յայտնած է լրատուական աղբիւրներուն նշելով նաեւ, որ չի պատրաստուիլ յանձնուիլ օրինապահ մարմիններուն, այնքան ատեն, որ չէ լուծած իր որդւոյն վրէժը եւ չէ սպաննած Մուսթաֆա Հոճայրին ու անոր եղբայրը: Նշենք, որ Մուսթաֆա Հոճայրիի անունը հրապարակ ելաւ լիբանանեան բանակի զինուորներու «Ալ Նըսրա» ճակատին կողմէ առեւանգման օրերուն: Աւելի ուշ Ապու Թաքիյէ կարեւոր դեր ունեցած էր ահաբեկիչ զինեալներուն եւ Լիբանանի օրինապահ մարմիններուն միջեւ եղած բանակցութիւններուն առընթեր, որուն արդիւնքով բանակի տասնեակ զինուորներ ազատ արձակուեցան: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Մոհամմատ Համիյէի մարմինը յանձնուեցաւ անոր պարագաներուն: Համիյէ գլխատուած էր ահաբեկիչ զինեալներուն ձեռամբ եւ անոր գլխատման սարսափելի տեսարանը տարածուած էր ընկերային ցանցերու միջոցաւ: Յարանուանական եւ ընտանեկան վրէժի հիմքով եղած այս սպաննութիունը կրնայ վտանգաւոր իրադրութիւն ստեղծել մասնաւորապւէս Արսէլ աւանին շուրջ: Արսէլը կը համարուի լիբանանցի սիւննի համայնքի գլխաւոր կեդրոնատեղիներէն մին ու առաջին անգամը չէ, որ նման դէպքեր կը գրանցուին այդ շրջանին մէջ: Արսէլի մէջ էր նաեւ, որ լիբանանեան բանակի տասնեակ զինուորներ առեւանգուած էին Սուրիոյ պատերազմին մասնակից ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ:
Լուսանկարը ՝ մէջ Լիբանանեան բանակի գլխատուած զինուոր Մոհամմատ Համիյէ