image

Լիբանանցի բեմադրիչ Զիատ Իթանիի ձերբակալումէն ետք ո՞վ պիտի ըլլայ անոր առաջին «այցելու»ն

Լիբանանցի  բեմադրիչ Զիատ Իթանիի ձերբակալումէն ետք ո՞վ պիտի ըլլայ անոր առաջին «այցելու»ն

Լիբանանի ռազմական դատարանի աւագ դատաւոր Ռիատ Ապու Ղայտա մերժած է դերասան Զիատ Իթանիի փաստաբանին միջնորդութիւնը, ուր վերջինս կը պահանջէր անվաւեր ճանչնալ նախաքննութեան արդիւնքները, նկատի ունենալով, որ տեղի ունեցած է Քրէական օրէնսգիրքի թիւ 42 եւ 47 յօդուածներու խախտում, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Նշենք, որ դերասանը անցեալ շաբաթ տեղափոխուած էր ռազմական դատարանի կալանավայր, եւ անոր դէմ կալանաւորման որոշում կայացուած էր:

Յիշեցնենք, որ Իթանիի դէմ մեղադրանք յարուցուած է Իսրայէլի հետ կապ հաստատելու եւ ի շահ անոր լրտեսութիւն կատարելու մէջ:

Ըստ աղբիւրի փոխանցած տեղեկութեան, հաւանական է, որ յառաջիկայ երկու օրերու ընթացքին Իթանիի կնոջ արտօնուի քանի մը վայրկեան տեսակցիլ ամուսնոյն հետ: