Լիբանանցի արմատներով Նատիա Աթուի անյայտ կորսուած է Գանատայի մէջ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Նահար» պարբերականը, յայտնելով, որ Աթուի կորսուած է Գանատայի Էտմընթըն քաղաքին մէջ: Աղբիւրը կը նշէ, որ Աթուէ կորսուած է 6 օրէ ի վեր եւ անոր ծնողները կոչ ըրած են Նատիայի մասին տեղեկութիւն ունեցողներուն՝ մօտենալ ոստիկանատուն:
Իր կարգին Էտմընթընի ոստիկանութեան մէկ բանբերը յայտարարած է, թէ գտնուած են Նատիայի ինքնաշարժն ու անոր մէջ եղող բջիջային հեռախօսը: Նատիա կը զբաղի ուսուցչութեամբ Էտմընթընի մէջ գործող արաբական թեքումով դպրոցի մը մէջ: