Լիբանանահայ Յ. Գ. Կը մեղադրուի հայկական կուսակցութիւններու եւ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի կնիքները կեղծելու եւ զանոնք տարբեր նպատակներով օգտագործելու ծանր յանցանքով: Այսօր այս մասին գրած է Պէյրութի «Արարատ»ը նշելով նաեւ, որ այդ կուսակցութեանց շարքին է նեաւ ՍԴՀԿ-ը, որուն կնիքը նոյնպէս կեղծուած է:
Աղբիւրը այս մասին հարցում կատարած է Լիբանանի Վարիչ Մարմնի պատասխանատուներուն, որոնք յայտնած են, թէ տակաւին վաղ է այդ գծով եզրակացութիւններ ընելու, որովհետեւ ապահովական մարմիններու կողմէ ընթացող քննութիւնները կը շարունակուին, մինչ 1970 թուականի ծնունդ լիբանանահայ երիտասարդը կը մնայ կալանքի տակ:
Նշենք, որ կեղծուած կնիքներու շարքին են ՍԴՀԿ-, ՌԱԿ-ի, Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի եւ այլ մարմիններու կնիքներ:
