image

Լիբանան. Սահմանի միջադէպ. Թիրախ դարձած է «Հըզպալլա»ի պատկանող ինքնաշարժ մը

Լիբանան. Սահմանի  միջադէպ.  Թիրախ  դարձած  է «Հըզպալլա»ի  պատկանող  ինքնաշարժ մը

Լիբանանէն Սուրիա  մեկնող եւ  «Հըզպալլա»ի պատկանող   ինքնաշարժ մը  թիրախ   դարձած է   յարձակումի։

Այս մասին  տեղեկութիւնը կը հաղորդէ   LBCI   կայանը՝  յղում կատարելով  համացանցի վրայ    եղած հրապարակումներու։

Կը նշուի նաեւ, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու,  իսրայէլեան անօդաչու սարք  մը հարուածած է    սուրիական     հատուածի  «Ժըտայտէթ եապուս»  շրջանէն  անցնող  ճիբ-ինքնաշարժ մը եւ անոր մէջ եղողները    վերջին  րոպէին հազիւ    կարողացած են  դուրս գալ   մեծ  վնասներու ենթարկուած ինքնաշարժէն։  

Այլ  աղբիւրներ կը  խօսին, որ ինքնաշարժը     վնասուած է   լարուած ականի մը պայթումին հետեւանքով։

Յիշեցնենք, որ «Արեւելք»   քիչ   առաջ հրապարակում մը կատարած էր  նշելով, որ  պայթում մը գրանցուած է   Լիբանան-Սուրիա  սահմանային  շրջանին մէջ։

Նախնական  տուեալներով մարդկային    տոյժեր  չեն  գրանցուած։