Լիբանանէն Սուրիա մեկնող եւ «Հըզպալլա»ի պատկանող ինքնաշարժ մը թիրախ դարձած է յարձակումի։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ LBCI կայանը՝ յղում կատարելով համացանցի վրայ եղած հրապարակումներու։
Կը նշուի նաեւ, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու, իսրայէլեան անօդաչու սարք մը հարուածած է սուրիական հատուածի «Ժըտայտէթ եապուս» շրջանէն անցնող ճիբ-ինքնաշարժ մը եւ անոր մէջ եղողները վերջին րոպէին հազիւ կարողացած են դուրս գալ մեծ վնասներու ենթարկուած ինքնաշարժէն։
Այլ աղբիւրներ կը խօսին, որ ինքնաշարժը վնասուած է լարուած ականի մը պայթումին հետեւանքով։
Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» քիչ առաջ հրապարակում մը կատարած էր նշելով, որ պայթում մը գրանցուած է Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջանին մէջ։
Նախնական տուեալներով մարդկային տոյժեր չեն գրանցուած։