Լիբանանի մէջ Առողջապահութեան նախարարութեան անվճար հիւանդանոցներուն մէջ բուժում ստացող քաղցկեղով հիւանդներու թիւը գերազանցած է 6000-ը, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
2015 թուականի հաշուետուութեան համաձայն, թոքերու քաղցկեղով տառապողներու թիւը 1212 էր, իսկ աղիքներու քաղցկեղով հիւանդները 1090 էին:
2017 թուականին Առողջապահութեան նախարարութեան պիւտճէէն 53 միլիոն յատկացուած է քաղցկեղի դեղորայքին:
Առողջապահութեան նախարարին պնդմամբ, հիւանդներու թիւը ենթակայ է աճի, այնքան ժամանակ, որ լիբանանցիք աղբի այրումէն առաջացած կազերը կը շնչեն, բան մը, որ հաստատած է նաեւ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը:
Առողջապահութեան նախարարի յայտարարութեան ի պատասխան Բնապահպանութեան նախարարը նշած է, որ կը պատրաստուի դիմել նախարարներու խորհուրդին, պահանջելով 20 միլիոն տոլար տրամադրել ապօրինի աղբանոցները փակելու եւ վերամշակման ենթարկելու համար:
