image

Լիբանան. Պըշարրէ աւանին մէջ փլուզուած է կառուցուող շէնքի մը տանիքը. Կան զոհեր

Լիբանան. Պըշարրէ  աւանին մէջ փլուզուած է կառուցուող շէնքի մը տանիքը. Կան զոհեր

Պըշարրէ մէջ կառուցուող շէնքի մը տանիքը փլուզուած է,պատճառելով մարդկային վնասուածքներ: Այս մասին յայտարարած է Լիբանանի Քաղաքացիական պաշտպանութեան գլխաւոր վարչութիւնը, իր ֆէյսպուքեան էջին նշելով, որ, այսօր  Պըշարրէ շրջանին մէջ փլուզուած է նոր կառուցուող շէնքի մը տանիքը, պատճառելով չորս վիրաւորներ:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան տարրեր փլատակներուն մէջ վիրաւորներ փնտռած են եւ յաջողած են փրկել: Պարզուած է, որ անոնցմէ մէկը լուրջ վնասուածքներ ստացած է եւ բոլորը տեղափոխուած են հիւանդանոց՝ անհրաժեշտ  բուժում ստանալու համար:

Աւելի ուշ պարզուած է, որ վիրաւորեալները սուրիացի բանուորներ են: