«Moody’s» Համաշխարհային դասակարգման գործակալութիւնը զգուշացուցած է Լիբանանի մէջ աշխահաքաղաքական վտանգներու խոշոր աճէն, շեշտելով երկրին մէջ տնտեսական բարեկարգումներ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ պահպանելով լիբանանեան լիրայի փոխարժէքը:
Գործակալութեան կարծիքով, միջուկային նախագիծի չեղարկման վերաբերեալ ԱՄՆ նախագահ Թրամբի կողմէ կայացուած որոշումը բացասական հետեւանքներ ունեցաւ լիբանանեան տնտեսութեան վրայ, նշելով, որ ԱՄՆ «Հըզպալլա»ի ղեկավարներուն դէմ փունջ մը պատժամիջոցներ սահմանեց, առաւել մեծ աշխարհաքաղաքական վտանքի առջեւ կանգնեցնելով երկիրը: