image

Լիբանան. Գրանցուած է «Քորոնա»ի 4-րդ զոհը. Պարագան սրտի խնդիրներ ունէր

Լիբանան. Գրանցուած է «Քորոնա»ի 4-րդ զոհը. Պարագան սրտի խնդիրներ ունէր

Լիբանանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» վարակի 4-րդ պարագան։ Այս մասին տեղեկութիւնը առաջինը  հաղորդեց «Էլ.Պի. Սի. Այ.»  կայանը։

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ մահացողը վարակը ստացած էր իր կրօնաւոր որդիէն, որ վերջերս  կը գտնուէր Իտալիոյ մէջ։

Մինչ կրօնաւորին վիճակին մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր, կը նշուի նաեւ, որ մահացող   պարագան սրտի  խնդիրներ ունէր։

Նշենք,որ Լիբանանէն հաղորդուած վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն երկրին մէջ «Քորոնա»-ի վարակակիրներուն թիւը հասած է 121-ի։