Ռուսաստանի դաշնութեան Արտաքին Գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրով այսօր ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարած է։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը, որ նաեւ կը նշէ, թէ Լավրով իր խօսքը ուղղած է սուրիոյ քիւրտերուն ու անոնց խորհուրդ տուած է համաձայնութեան գալ Դամասկոսի հետ։
Նշենք, որ Լավրովի այս յայտարարութիւնները կը կատարուին այն պահուն, երբ Անգարա կը սպառնայ զինուորական նոր գործողութիւն մը կատարել մասնաւորապէս Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ։