Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի իր թուրք գործընկեր Պըն Ալի Եըլտըրըմին ըսած է, որ Իրաքի զինուած ուժերը հրահանգ տուած են՝ կանխել «որեւէ օտարերկրացի զինեալներու» իրաքեան սահմանի միջոցաւ Թուրքիոյ վրայ յարձակումներ սկսիլը: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ Իպատի հաստատած է, որ իրենք «Կը մերժեն իրենց տարածքներու միջոցաւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ ոեւէ խախտում»:
Իպատիի գրասենեակէն յայտնած են, որ երեքշաբթի օր արտաքին գործոց նախարարները հեռախօսազրոյցի միջոցաւ քննարկած են սահմանի վրայ իրավիճակը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողան երկուշաբթի օր յայտնած էր, թէ Թուրքիա հիւսիսային Իրաքի Սինճար գաւառին մէջ կրնայ շղթայազերծել զինուորական գործողութիւն մը` այդ շրջանը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներէն ձերբազատելու համար:Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին յայտնած էր, թէ Թուրքիան անհրաժեշտութեան պարագային հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութեան պիտի ձեռնարկէ: