«Կուկըլ»ի որոնողական համակարգի քարտէզները ցոյց տուած են ֆրանսական Թուլուզ քաղաքին մէջ գտնուող վաճառատուն մը, որ թմրանիւթի առաքմամբ կը զբաղի: Այս մասին հաղորդած է ֆրանսական «BFMTV» հեռուստակայանը:
Աղբիւրին համաձայն, «Կուկլ» ընկերութիւնը քարտէզներու իր ծառայութենէն հեռացուցած է թմրանիւթի առաքմամբ զբաղող ֆրանսական վաճառատան անունը:
«Փլան Ուիտ» անունը կրող վաճառատան աշխատակիցները օրեր առաջ Կուկլի քարտէզին վրայ նշած էին իրենց վաճառատան անունը, առաւել մեծ թիւով յաճախորդներ ձեռք բերելու նպատակով: