image

Ֆրանսայի նախկին նախագահը դէպի բա՞նտ

Ֆրանսայի նախկին նախագահը դէպի  բա՞նտ

 

Ֆրանսայի դատախազութիւնը կը խնդրէ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիկոլա Սարքոզին 6 ամսուայ ազատազրկման դատապարտել՝ 2012-ի նախընտրական արշաւի եղած անօրինական ֆինանսաւորման համար: Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը` յղում տալով BFMTV հեռուստաալիքին:

 

Բացի այդ՝ դատախազութիւնը Սարքոզիի նկատմամբ պահանջած է լրացուցիչ 6 ամիս պայմանական ազատազրկում եւ 3750 եւրօ տուգանք:

Երեքշաբթի օր կայացած դատական նիստի ժամանակ Սարքոզին յայտարարած է, որ ինքը անմեղ է՝ հերքելով քարոզարշաւի ընթացքին ծախսերու գերազանցումը:

Այս գործով դատաքննութիւնն սկսած էր մարտին, սակայն լսումները հետաձգուած էին մեղադրեալի փաստաբաններէն մէկու հիւանդութեան պատճառով եւ վերսկսած են 20 Մայիսին: