«Եթէ վարչապետի պաշտօնում պէտք է առաջադրոուի եւ ընտրուի հանրապետական թեկնածու, դրանով ստեղծուած իրավիճակէն հանգուցալուծում չի լինելու, քանի որ մենք շարունակելու ենք մեր խաղաղ յեղափոխութիւնը՝ կը փորձենք բացատրել ՀՀԿ-ականներուն, օրինակ՝ Կարէն Կարապետեանին այդ այնպէս, ինչպէս արեցինք Սերժ Սարգսեանի դէպքում»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:
Շարունակելով կոչ ուղղած է ան բոլոր քաղաքացիներուն 1 մայիսին՝ առաւօտեան ժամը 8-ին, ըլլալ Երեւանի փողոցները ու հրապարակներու վրայ, ինչպէս նաեւ՝ ԱԺ-ին շուրջը:
Անդրադառնալով հարցին, թէ ի՞նչ դիրքորոշում որդեգրած են Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները, մասնավորապէս՝ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը, Նիկոլ Փաշինեանը հարցուց. «Իսկ ի՞նչ դիրքորոշումներ են նրանք արտայայտել»:
Ճշգրտմանը, կը միանա՞ն շարժման՝ քուէարկութեան առումով նաեւ, պատրա՞ստ են քուէարկել, «Իմ քայլը» շարժման ղեկավարը ըսաւ. «Ես հենց դա եմ ասում, ես յոյս ունեմ, որ Դաշնակցութիւնը, «Ծառուկեան» դաշինքը իրենց դիրքորոշումները կը յստակեցնեն եւ մինչեւ 1 մայիս կը յայտարարեն, թէ ինչպէս են պատրաստւում քուէարկել:
Նշենք, որ Փաշինեան երէկ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանին «Մարիոթ» պանդոկին մէջ երկխօսութեան ունենալու կոչ ըրած էր, այնուհետեւ Կարէն Կարապետեան «անհեռանկար» համարած եւ չէր ներկայացած բանակցութիւններուն: