image

Կրակոց Լեռնալիբանանի Քապրշմուն շրջանին մէջ. Կան զոհեր

Կրակոց  Լեռնալիբանանի  Քապրշմուն  շրջանին մէջ. Կան զոհեր

Այսօր  յետմիջօրէին   զինեալ միջադէպ մը գրանցուած է Լեռնալիբանանի Քապրշմուն շրջանին մէջ։

Այս  մասին  լուրը կը հաղորդէ  RLL    կայանը, նշելով, որ   կրակոցը տեղի ունեցած է   այն  պահուն, երբ    փախստականներու հարցերու  նախարար Սալէհ Ալ Ղարիպի  շարասիւնը  կ՚անցնէր այդ շրջանէն։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ կրակոցին հետեւանքով զոհուած է   նախարարի  թիկնապահներէն մին, մինչեւ  երկու ուրիշներ   վիրաւորուած են։ Կարգ մը  աղբիւրներ կը հաղորդեն,  որ   շրջանին մէջ  առաւօտեան   ժամերէն սկսեալ  լարուած իրավիճակ  կը տիրէր՝  երկրի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան  Պասիլի  շրջան  այցելութեան հետեւանքով։

Աւելի  վաղ     Յառաջդիմական-Դեմոկրատական  կուսակցութեան  համակիրներ  փորձած էին փակել  ճանապարհները եւ արգելք հանդիսանալ, որ Պասիլ   հասնի    լեռնալիբանանի  Քաֆարմաթթա  շրջան, ուր նախատեսուած էր, որ      Պասիլ իր խօսքը  պիտի արտասանէ   իր  առաջնորդած «Ազգային  Ազատ Հոսանք»  կուսակցութեան մէկ      ձեռնարկին։

Յիշեցնենք, որ   Փախստականներու  նախարար    Սալէհ ալ Ղարիպ      անդամ է   Տիւրզի առաջնորդ  Թալալ  Արսալի   առաջնորդած  Լիբանանի  Դեմոկրատական կուսակցութեան, որ կը համարուի     «Ութը  մարտ»ի  քաղաքական ուժերու եւ բնականաբար  նախարար Պասիլի  համախոհ   քաղաքական ներկայութիւն մը։

Ըստ վերջին տուեալներուն  շրջանին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։