Հալէպ-Խանասէր մայրուղիին վրայ եղած արկածին ընթացքին զոհուած է Վանա Եագուպեանը։ Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Հալէպէն։
Նշենք, որ արկածի ենթարկուած ինքնաշարժին մէջ եղած է Եագուպեաններու ընատնիքը, որոնք բոլորն ալ փոխադրուած են հիւանդանոց։
Քսանամեայ Վանան շրջաւարտ էր Հալէպի Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանէն, ինչպէս նաեւ աշխուժ անդամ էր Հալէպի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին։
Ան կը յաճախէր Հալէպի բժշկագիտական համալսարան եւ կը համարուէր, իր դասարանի ուշիմ ուսանողներէն մին։