image

«ԿԱՄՔ»ի հերթական հաւաքը «Պահանջում ենք Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը»

«ԿԱՄՔ»ի հերթական հաւաքը «Պահանջում ենք Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը»

«ԿԱՄՔ» նախաձեռնութիւնը այսօր հաւաք կազմակերպած է պահանջելով ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը։

Նշենք, որ բազում կողմերէ սուր քննադատութիւններու թիրախ դարձած Յարութիւնեան կը մեղադրուի հակազգային մօտեցում ցուցաբերելու ու նաեւ կրթական համակարգին մէջ ազգային դրուածքներուն անյարիր եղող նոր բարեփոխումներ իրականացնելու մեղադրանքով։

 

 Յիշեցնենք, որ «ԿԱՄՔ»ը առաջին անգամը չէ, որ նման հաւաք կ՚իրականացնէ, եւ նախաձեռնութեան անունով հանդէս եկած Վահագն Չախալեան ըսած է, թէ «Հայ ժողովորդին կողմէ մերժուած Արայիկ Յարութիւնեանը  վաղուց դադրած է նախարար ըլլալէ եւ ան պարտաւոր է արագօրէն հրաժարական տալ»։

 Բողոքի հաւաքին մասնակիցները  հաւաքը աւարատած են ինքնաշարժներու երթով։