image
Հրատապ լուրեր:

Պաշշար Ասատ վերընտրուեցաւ Սուրիոյ նախագահ

Պաշշար Ասատ  վերընտրուեցաւ Սուրիոյ նախագահ

Սուրիոյ  Արաբական Հանրապետութեան նախագահ  վերընտրուած է տօքթ. Պաշշար Ասատ։

Այս մասին  մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին  հանրութեան տեղեկացուցած է Սուրիոյ  Ազգային Ժողովի խօսնակ Համուտա Սապպաղ։

Կը նշուի նաեւ, որ քուէարկողներուն  95 առ հարիւրին քուէներուն տիրացած Ասատ ստացած է աւելի քան 13 միլիոն ձայն։

Ասատ  նախագահական աթոռ բարձրացած էր  իր հօր՝ Հաֆէզ Ասատի մահէն անմիջապէս ետք՝ 10 յուլիս  2000-ին։