image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի քայլերը մաս կը կազմեն հոգեբանական պատերազմին. Վերլուծութիւն

Իսրայէլի քայլերը մաս կը կազմեն հոգեբանական պատերազմին. Վերլուծութիւն

Իսրայէլեան «Jerusalem Post» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր շեշտուած է, թէ Իսրայէլի կողմէ Սուրոյ մէջ Իրանի դէմ մղուող պայքարը այլ միջոցներով պիտի շարունակուի, որովհետեւ գլխաւոր ռազմավարութիւնը կը կայանայ Իրանը Սուրիայէն դուրս բերելու հեռանկարին մէջ:

Յօդուածագիրին համաձայն, 10 մայիսին տարածուած լուսանկարները ցոյց կու տային իսրայէլեան հարուածի հետեւանքով Իրանի կրած վնասներու չափը, միաժամանակ նշելով, որ Դամասկոսի օդակայանին մէջ գտնուող «Ապակեայ տուն»ը, որ Իրանի գործողութիւններու համակարգման կեդրոնը կը համարուի, ամբողջութեամբ դատարկուած է:

Յօդուածագիրը դիտել տուած է, թէ հակառակ անոր, որ Սպիտակ տան համար  Իրան  համար ռազմական մեծ կարեւորութիւն ունի, սակայն Իսրայէլ զայն չհրթիռակոծեց, հետեւաբար, վերջինիս վարած պատերազմը կը միտի հոգեբանական ճնշում գործադրելու միջոցով Իրանը հեռացնել Սուրիայէն: