Իսրայէլեան «Aeronautics» ընկերութիւնը պորսային ապրանքագիներու ցանկ հրապարակած է, համաձայն որուն, Պաշտպանութեան նախարարութեան արտահանման վերահսկողութեան հարցերով վարչութիւնը ժամանակաւորապէս արգելափակած է 20 միլիոն տոլարի չափով «կարեւոր յաճախորդ» համարուող «Orbitier K1» անօդաչու թռչող սարքի խմբաքանակի մատակարարման գործարքը, կը յայտնէ «newsru.co.il»:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ մատակարարումները պէտք է իրականացուին 2017-2018 թուականներուն: 2016 թուականին այդ յաճախորդին գնումները կազմած են ընկերութեան եկամուտի 20 տոկոսը, 2015 թուականին՝ 18 տոկոսը:
Ընկերութիւնը չէ նշած յաճախորդին անունը, միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ խօսքը «Moody’s» ընկերութեան վարկածով «Ba» վարկային վարկանիշն ունեցող երկրին մասին է:
Բացի անկէ, այդ երկրին մէջ կը գտնուի «Aeronautics»ի արտօնագրով թռչող սարքերուն համար պահեստամասերու արտադրութեան գործարանը:
Կայքը նշած է, որ «Aeronautics»ի յաճախորդներու թուին միայն երկու երկիր է՝ Սերպիա եւ Ատրպէյճան, որ ունին «Ba» վարկանիշ, եւ անոնցմէ միայն Ատրպէյճանի մէջ կայ «Aoronautics»ի գործարան:
«newsru.co.il» խնդրած է Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութեան մեկնաբանել տեղեկութիւնը, սակայն մինչեւ այս պահը տակաւին պատասխան չէ ստացած:
Աւելի վաղ յայտնի դարձած է, որ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հետաքննութիւն կ'իրականացնէ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող «Aeronautics Defense Systems» (ADS) ընկերութեան նկատմամբ:
Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր իսրայէլեան «Մաարիւ» թերթը, Թէլ Աւիւի մէջ գտնուող
ընկերութեան աշխատակիցները, հնարաւոր է, որ Ատրպէյճան այցի ժամանակ ատրպէյճանցի զինուորականներու խնդրանքով մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ իրականացուած հարուածին:
Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջերս բողոք ստացած է, ըստ որուն, երբ «Aeronautics Defense Systems»ի խումբը մեկնած է Ատրպէյճան, ընկերութեան «Orbiter 1K» անօդաչուի վաճառքի վերաբերեալ պայմանագիրի կնքումը եզրափակելու համար, անոնց խնդրած են պայթուցիկներով զինուած սարքը կիրառել հայկական բանակի ռազմական թիրախին դէմ:
«Մաարիւ»ին համաձայն, անօդաչու թռչող սարքի երկու իսրայէլցի մասնագէտները հրաժարած են հարուածել հայկական դիրքերը, բան մը, որ կրնար զոհերու յանգեցնել, եւ անգամ իրենց դէմ ուղղուած սպառնալիքներէն ետք անյողդողդ մնացած են իրենց մերժման մէջ: Անկէ ետք ընկերութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներն ինքնուրոյն զինած եւ կիրառած են անօդաչու սարքը: Ի վերջոյ, հաւանաբար տրոններու կիրառման իրենց փորձի պակասին պատճառով երկու անօդաչու սարքերը ճիշդ թիրախին չեն հարուածած, որուն հետեւանքով ոչ մէկ վնաս հասցուած է: Բողոքին համաձայն, անոնցմէ մէկը հարուածած է հայկական դիրքէն մօտ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
Աղբիւրը նշած էր, որ երկու մասնագէտներէն մէկը հեռացած է ընկերութենէն, միւսը նոյնպէս կը պատրաստուի հեռանալ: