image

ԱԹՍ-երու փոխարէն «Երկաթէ գմբէթ» համակարգ

ԱԹՍ-երու  փոխարէն  «Երկաթէ  գմբէթ»  համակարգ

 Իսրայէլ   հաստատուած   լրագրող Արտիոմ Չերնամորյան կը գրէ՝

 

Գիտէք ինչն է  անհեթել,  որ Կազա քաղաքին մէջ չունենալով «նորմալ» կառավարութիւն, միջազգայնօրէն ահաբեկչական ճանչցուած ՀԱՄԱՍ խմբաւորումը  կրնայ հազարաւոր հրթիռներու արտադրութիւն կազմակերպել, Իսրայէլի կողմէ շրջափակուած ըլլալով ու անապատի մէջ փորուած  գետնուղիներով   հրթիռներու արտադրութեան համար նախատեսուած նիւթեր ձեռք բերելով, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 30 տարուան մէջ ունենալով պետութիւն մէկ հատ հրթիռ չարտադրեց` ունենալով ԽՍՀՄ-ի մէջ ամենազարգացած գիտահետազօտական հիմնարկները։ Իսրայէլն ալ ունենալով հարիւրաւոր ու հազարաւոր ԱԹՍ-ներ ու նորագոյն ամերիկեան F35 բազմագործօն օդանաւեր,    անոնց   փոխարէն  կ՚օգտագործէ 80% արդիւնաւէտութիւն ունեցող ու չափազանց թանկ «Երկաթէ գմբէթ» համակարգը։  Մինչ  նոյն ԱԹՍ-ները կ'օգտագործուէին  Արցախի մէջ` հայկական ՀՕՊ միջոցներու խոցման համար։ Հետեւաբար, Կազայէն հարիւրաւոր հրթիռների կ'արձակուին,  մենք ալ հրթիռներէն փախչելու խաղ կը խաղանք` ով վերջինը հասաւ ռմբապաստարան,  կը  համարուի  պարտուած։