image

Ըստ Չաւուշօղլուի ԱՄՆ դադրեցուցած է դէպի Սեւ Ծով ռազմանաւերու առաքումը

Ըստ Չաւուշօղլուի ԱՄՆ դադրեցուցած է դէպի Սեւ Ծով ռազմանաւերու առաքումը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հաստատած է, որ ԱՄՆ-ն չեղարկած է իր ռազմական նաւերու անցումը Սեւ ծով: Այս մասին կը տեղեկանանք թրքական NTV հեռուստաընկերութեան կայքէն:

«ԱՄՆ-ն բանաւոր տեղեկացուցած է մեզի, որ նաւերու անցումը չեղեալ յայտարարուած է: Այնուամենայնիւ, եթէ իրենց միտքը փոխեն, դեռ 3 օր ունին նախորդ ծանուցումն օգտագործելու եւ նաւերը ուղարկելու համար: Եթէ նաւերը 3 օրուան ընթացքին չանցնին, ապա անոնք կրկին պէտք է ծանուցում կատարեն նաւերու անցումէն 15 օր առաջ»,-յայտարարած է Չաւուշօղլուն:

Անոր խօսքերով` վերջերս ԱՄՆ-ն 14 ծանուցում ուղարկած է Սեւ ծով իր ռազմանաւերու անցման մասին, որմէ 5-ը հետագային չեղեալ յայտարարուած է:

Ինչպէս նախապէս յայտնուած էր, Ուաշինկթինը Անգարային տեղեկացուցած էր, որ այս շաբաթ ԱՄՆ-ի 2 ռազմանաւ Պոսֆորի նեղուցով պիտի անցնի Սեւ ծով: