image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ չի պատրաստուիր նոր պատերազմի «Հաարէցթ»

Իսրայէլ   չի պատրաստուիր  նոր պատերազմի «Հաարէցթ»

Իսրայէլեան «Հաարէթց»    պարբերականին   կարծիքով  ներկայ փուլին Իսրայէլի  կառավարութիւնը չի պատրաստուիլ նոր պատերազմ մը  շղթայազերծել   Լիբանանի  դէմ:

 

Թերթի     վերլուծաբան  Ամուս Հարիյիլ,  որ   այս մասին       վերլուծական  նիւթ մը ստորագրած է նկատել տուած է, որ    յառաջիկայ   6 մայիսին   Լիբանանի մէջ նախատեսուած   ընտրութիւնները պիտի անցնին     խաղաղ  մթնոլորտի մը մէջ, որովհետեւ Իսրայէլի  կառավարութիւնը ներկայ  փուլին մտադիր  չէ    նոր պատերազմ մը շղթայազերծել     լիբանանեան   «Հըզպալլա»  կուսակցութեան  դէմ:

 

Վերլուծաբանը  նաեւ   կարծիք  յայտնած է, որ  Իսրայէլի համար ներկայիս  հիմնական   մտահոգութիւնը Իրանի   ներկայութիւնն է Սուրիոյ    մէջ   չբացառելով, որ   յաջորդ      «նախատեսուած»    Թէլ Աւիւ- Թեհրան         ճակատումը տեղի ունենայ Սուրիոյ մէջ:

 

 Ամուս Հարիյիլ նաեւ  նկատել տուած է, որ  չի  բացառուիր,  որ  Իսրայէլ  զինուորական  «կայծակնային»  գործողութիւններ  կատարէ  Սուրիոյ    դէմ, ինչպէս   եւ կատարուեցաւ     Հոմսի  մօտ    գտնուող «Թայֆուր»    զօրակայանին մէջ   սպաննելով  իրանցի  տասնեակ  զինուորականներ, որոնց մէջ կային  բարձրաստիճան   սպաներ: