Իրաքի հայութիւնը յարգանքի տուրք մատուցած է Պաղտատի «Ալ Քըրատա»-ի մէջ զոհուածներու յիշատակին: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Իրաքի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ 8 հուլիսին, նախագահութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի առաջնորդ գերշ. Տ Աւագ արք. Ասատուրեանի, Ազգային ծերանոցի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն 3 Յուլիսին «Քարատա» թաղամասին մէջ ահաբեկչութեան հետևանքով զոհուածներու հոգիներուն համար: Սուրբ Պատարագի աւարտէն ետք պաղտատահայերու հոծ բազմութիւն մը քահանա հայրերու, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութենական հաստատութիւններու վարչականների գլխաւորութեամբ այցելեցին պայթումի վայր, ուր տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, շարականներու երգեցողութիւն և աղօթք անմեղ զոհուածների համար: Նշենք, որ անցնող մէկ տարուան ընթացքին «Ալ Քարատ»ի շրջանին մէջ եղած ահաբեկչութիւնը կը համարուի մեծագոյնը եւ պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 250-ի: