image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքահայութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց «Ալ Քըրատա»ի զոհերու յիշատակին

Իրաքահայութիւնը յարգանքի  տուրք մատուցեց «Ալ Քըրատա»ի զոհերու յիշատակին

Իրաքի հայութիւնը յարգանքի տուրք մատուցած է Պաղտատի «Ալ Քըրատա»-ի մէջ զոհուածներու յիշատակին: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ  Իրաքի   Հայոց Ազգային Առաջնորդարանէն: Մեր  աղբիւրը նաեւ հաղորդեց,  որ 8 հուլիսին, նախագահութեամբ Իրաքի Հայոց Թեմի առաջնորդ գերշ. Տ Աւագ արք. Ասատուրեանի, Ազգային ծերանոցի Սուրբ  Կարապետ  եկեղեցւոյ մէջ մատուցեցաւ Սուրբ Պատարագ  եւ  կատարուեցաւ  Հոգեհանգստեան պաշտօն 3 Յուլիսին «Քարատա» թաղամասին մէջ  ահաբեկչութեան հետևանքով զոհուածներու  հոգիներուն համար: Սուրբ  Պատարագի աւարտէն  ետք պաղտատահայերու  հոծ բազմութիւն մը քահանա հայրերու, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան  եւ միութենական հաստատութիւններու վարչականների  գլխաւորութեամբ այցելեցին պայթումի վայր, ուր  տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, շարականներու  երգեցողութիւն և աղօթք անմեղ զոհուածների համար:  Նշենք, որ անցնող մէկ տարուան ընթացքին «Ալ Քարատ»ի շրջանին մէջ եղած ահաբեկչութիւնը կը համարուի   մեծագոյնը   եւ   պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը  հասած է 250-ի: