image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի միջուկային գործարքը փլուզման վտանգի տակ է. Սերկէյ Լաւրով

Իրանի միջուկային գործարքը փլուզման վտանգի տակ է. Սերկէյ Լաւրով

Իրանի միջուկային գործարքը ԱՄՆ-ի եւ եւրոպացի մասնակիցներու դիրքորոշման պատճառով փլուզման սպառնալիքի տակ է։ Այս մասին ըսած է ՌԴ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը հիմնուած  Իրանի ԱԳՆ ղեկավար Մոհամատ Ճաուատ Զարիֆի հետ բանակցութիւններու արդիւնքներու վրայ։

Լաւրով տեղեկացուցած է, որ իրանցի գործընկերոջ պատմած է «այդ կարեւոր միջազգային պայմանաւորուածութիւնը պահպանելու Ռուսաստանի ջանքերու մասին, որ կը փորձէ խափանել ԱՄՆ-ն»։

«Ցաւով կը նշենք, ԵՄ մեր գործընկերներու անհետեւողականութեան մասին, որոնք նոյնպէս լիովին չեն կատարեր ԳՀՀԾ գծով իրենց պարտաւորութիւնները,- նշած է Լաւրով։- Մենք համոզուած ենք, որ եթէ շարունակուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումը չկատարելու այս գիծը, որ Ուաշինկթընը կը պարտադրէ անխտիր աշխարհի բոլոր երկիրներուն, ապա այն կրնայ յանգեցնել լուրջ բացասական հետեւանքներու ամբողջ տարածաշրջանի, եւ ընդհանրապէս միջազգային յարաբերութիւններու համար»։