image

Լաւրով չի կարծեր, որ Թուրքիան կը միտի ստեղծել Մեծ Թուրան

Լաւրով չի կարծեր, որ Թուրքիան կը միտի ստեղծել Մեծ Թուրան

ՌԴ Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով կը համարէ, որ Թուրքիան չի հետապնդեր Մեծ Թուրան ստեղծելու նպատակ:

«Խօսելով Մեծ Թուրանի մասին, վերազգային կազմաւորման պատմական իմաստով, չեմ կարծեր, որ Թուրքիան կը հետապնդէ նման նպատակ: Չեմ տեսներ՝ ինչպէս իրականութեան մէջ նախկին ԽՍՀՄ եւ ներկայի անկախ երկիրները կարող են այդ գաղափարը ինչ որ կերպ սատարել: Ընդհակառակը՝ անոնց արտաքին քաղաքականութեան եւ գործունէութեան ամբողջ հոգեյոյզը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ ամրապնդեն իրենց ազգային պետութիւնը»,- ըսած է ան ՌԲԿ պատկերասփիւռի կայանի տուած հարցազրոյցին:

Լաւրով նշած է, որ թրքալեզու յարաբերութիւններու թեման բաւական խորունկ ներթափանցած է Թուրքիոյ եւ համապատասխան երկիրներու, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի ու Կեդրոնական Ասիոյ որոշ պետութիւններու համագործակցութեան մէջ:

ՌԴ ԱԳ Նախարարը յիշեցուցած է, որ կայ Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդ, ուր Ռուսաստան եւս ներգրաւուած է: «Թրքալեզու քանի մը հանրապետութիւններ հետաքրքրուած են հաղորդակցութեամբ: Գոյութիւն ունի Թրքական մշակոյթի միջազգային կազմակերպութիւն: Կայ նաեւ Թրքալեզու պետութիւններու խորհրդարանական համաժողովներ: Բոլոր ասոնք կը գործեն արդէն բաւական երկար ժամանակ: Ասոնց միջոցառումները հիմնականին կը կրեն մշակութային, լեզուական, կրթական աւանդոյթի պահպանման ուղղուածութիւն»,-ընդգծած է Լաւրով:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, շարունակած է նախարարը, ան ունի շահեր, որ համացեղակիցները խօսին նոյն լեզուով: «Մենք նոյնպէս կը ցանկանք, որ «ռուսական աշխարհը» ունենայ հաղորդակցելու հնարաւորութիւն: Ստեղծած ենք արտասահմանեան երկիր ապրող հայրենակիցներու կազմակերպութիւններու ընդլայնուած ցանց, կը բանանք համալսարաններուն կից «Ռուսական աշխարհ» տարբեր երկիրներու մէջ, բացառապէս լեզուական, կրթական, գիտական նպատակներով»,-պարզաբանած է Լաւրով: