Այսօր Ռուսաստանը ձեւաւորուող աւելի արդար եւ ժողովրդավարական բազմաբեւեռ կարգերու առանցքային երաշխաւորներէն մէկն է: Նման կարծիք յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը` 10 փետրուարին իր գործընկերները շնորհաւորելով դիւանագիտական աշխատողի օրուայ առթիւ, գրած է EADaily պարբերականը:
«Խստօրէն առաջնորդուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներով` մենք կը խթանենք միաւորող օրակարգ`խորացնելով արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը Եւրասիայի, Ափրիկէի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ գտնուող արտասահմանեան գործընկերներու ճնշող մեծամասնութեան հետ: Այսօր Ռուսաստանը կը հանդիսանայ աւելի արդար եւ ժողովրդավարական բազմաբեւեռ աշխարհակարգի հիմնական երաշխաւորներէն մէկը»,-ընդգծած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարը:
Լաւրովի խօսքերով` այժմ օրակարգի վրայ են «Եւրասիական տան» համապարփակ պայմանաւորուածութեան, մայրցամաքին մէջ զարգացող համարկման ընթացակարգերու հարցերը: