image

Իրանի հետ պատերազմ կրնայ սկսիլ. Մոհամմատ Պըն Սըլման

Իրանի հետ պատերազմ կրնայ սկսիլ. Մոհամմատ Պըն Սըլման

Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մոհամմատ  Պըն Սալման  կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան Իրանի նկատմամբ յաւելեալ տնտեսական եւ քաղաքական ճնշում գործադրել, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ խուսափիլ տարածաշրջանի մէջ անմիջական ռազմական բախումէն:

The Wall Street Journal-ի հետ զրոյցի ընթացքին 32 տարեկան թագաժառանգը յայտնած է, որ իրանական վարչաձեւի նկատմամբ յաւելեալ ճնշում գործադրելու պարագային միայն հնարաւոր կ'ըլլայ խուսափիլ զինուած հակամարտութենէ:

«Սակայն եթէ մեր փորձերը ձախողին, մենք, հաւանաբար, 10-15 տարէին Իրանի հետ պատերազմ կը սկսինք»,- նախազգուշացուցած է թագաժառանգը:

Յայտնի է, որ Սէուտական Արաբիան ու Իրանը խիստ լարուած յարաբերութիւններ ունին: Սէուտական Արաբիան այն պետութիւններէն էր, որոնք դէմ էին 2014թ. կնքուած պատմական միջուկային համաձայնագիրի շրջանակի մէջ Իրանի նկատմամբ Արեւմուտքի սահմանած պատժամիջոցներու չեղարկման: