image

Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆ Երեւան եւ Պաքու պիտի այցելէ

Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆ Երեւան եւ Պաքու պիտի այցելէ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆը Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի ժամանէ 26 Մայիսին: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղտալեանը՝ նշելով, որ այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ:

Այցի մասին յայտնի դարձած է 24 Մայիսի առաւօտեան: Զարիֆը 25 Մայիսին պիտի այցելէ նաեւ Պաքու: