Իրանի խորհրդարանի հայ անդամ դոկտ. Կարէն Խանլարեան օրերս շրջած է Թեհրանի հայկական թաղամասերուն մէջ՝ մօտէն ծանօթանալու տեղի բնակչութեան ընդհանուր իրավիճակին։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը, նշելով նաեւ, որ Խանլարեան շրջած է մասնաւորապէս Թեհրանի «Սարդարապատ» թաղամասին մէջ։
Հայ պատգամաւորը զրուցած է տեղի բնակչութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ խօսած «Քորոնա» վարակին կապուած վերջին մանրամասնութիւններուն մասին։ Խանլարեան նաեւ յոյս յայտնած է, որ առաջիկայ շաբաթներուն վարակը անկում պիտի գրանցէ՝ յորդորելով բոլորին պահպանել մաքրութեան պայմանները, ինչպէս նաեւ անհատապէս հետեւիլ սեփական առողջութեան եւ որեւէ կասկածի պարագային դիմել համապատասխան մարմիններուն։
Նշենք, որ օրեր առաջ Թեհրանի մէջ մահացած էր 85-ամեայ հայուհի Էլսիկ Մասիհին, եւ կը կարծուի, թէ ան մահացած էր «Քորոնա» վարակին հետեւանքով։
«Քորոնա» վարակի տարածման թէժացումէն ասդին ըստ պաշտօնական տուեալներու Իրանի մէջ այս վարակին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 237-ի։

