Իրաքի իշխանութիւններու պահանջով, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը (ԻԻՀ) բացած է Քիւրտիստանի հետ սահմանին գտնուող Պաշմաք անցակէտը:
Թրքական «Anadolu» պետական լրատուական գործակալութեան համաձայն, այդ մասին յայտարարած է Քիւրտիստանի Սուլէյմանիէ առեւտուրի պալատի նախագահ Սիրվան Մուհամէտ:
Վերջինիս խօսքերով, այդ քայլը իրականացուած է առեւտուրը եւ բեռնափոխադրումները վերականգնելու նպատակով:
Կը նշուի, որ մօտ ժամանակներս պիտի բացուին նաեւ Իրանի եւ Քիւրտիստանի միջեւ գտնուող այլ սահմանային անցակէտեր:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 25 սեպտեմբերին իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ կայացած անկախութեան հանրաքուէէն ետք հարեւան երկրները, Իրաքի կառավարութեան պահանջով փակեցին Քիւրտիստանի հետ շարք մը անցակէտեր:
Յիշեցնենք, որ 25 սեպետմբերին Քիւրտիստանի մէջ կայացած հանրաքուէն չեն ճանչնար, ոչ Իրանը, ոչ Թուրքիան, ոչ ալ Իրաքի իշխանութիւնները:
Երէկ, Իրաքեան Քիւրտիստանը յայտարարեց, որ կը սառեցնէ 25 սեպտեմբերին իրականացուած անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքները, Պաղտատի հետ յետագայ լարուածութենէն ու ռազմական բախումներէն խուսափելու համար: