image
Հրատապ լուրեր:

Քիւրտիստանի խորհրդարանի պատգմաւորներու պատուիրակութիւն մը այցելած է Տըհոքի Սուրբ Ներսէս եկեղեցի

Քիւրտիստանի խորհրդարանի պատգմաւորներու պատուիրակութիւն մը այցելած է Տըհոքի Սուրբ Ներսէս եկեղեցի

 

Քիւրտիստանի խորհրդարանի պատգմաւորներու պատուիրակութիւն մը այցելած է Տըհոքի  Սուրբ  Ներսէս եկեղեցի: «Արեւելք»  այս  մասին իմացաւ  Տըհոքի  հոգեւոր հովիւ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանէն:

 

Քիւրտիստանի շրջանի խորհրդարանի պատուիրակութեան այցը կայացած է 10 փետրուար 2021-ին,  գլխաւորութեամբ՝ Տիկ․ Մունա Գահուաճիի: Պատուիրակութեան մաս կազմած են  դաշինքներու ղեկավարներն ու խորհդարանի անդամները: 

Հիւրերը դիմաւորած են եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեան, Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները։

Հանդիպման աւարտին կողմերը  յուշանուէրներ փոխանակած են։