image

Իրան վերաբացած է Քիւրտիստանի հետ սահմանային անցակէտերէն մին

Իրան վերաբացած է Քիւրտիստանի հետ սահմանային անցակէտերէն մին

Իրաքի իշխանութիւններու պահանջով, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը (ԻԻՀ)  բացած է Քիւրտիստանի հետ սահմանին գտնուող Պաշմաք անցակէտը:

Թրքական «Anadolu» պետական լրատուական գործակալութեան համաձայն, այդ մասին  յայտարարած է Քիւրտիստանի Սուլէյմանիէ առեւտուրի պալատի նախագահ  Սիրվան Մուհամէտ:

Վերջինիս խօսքերով, այդ քայլը իրականացուած է առեւտուրը  եւ բեռնափոխադրումները վերականգնելու նպատակով:

Կը նշուի, որ մօտ ժամանակներս պիտի բացուին նաեւ Իրանի եւ Քիւրտիստանի միջեւ գտնուող այլ սահմանային անցակէտեր:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 25 սեպտեմբերին իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ կայացած անկախութեան հանրաքուէէն ետք հարեւան երկրները, Իրաքի կառավարութեան պահանջով փակեցին Քիւրտիստանի հետ շարք մը անցակէտեր:

Յիշեցնենք, որ 25 սեպետմբերին Քիւրտիստանի մէջ կայացած հանրաքուէն չեն ճանչնար, ոչ Իրանը, ոչ Թուրքիան, ոչ ալ Իրաքի իշխանութիւնները:

Երէկ, Իրաքեան Քիւրտիստանը յայտարարեց, որ կը սառեցնէ 25 սեպտեմբերին իրականացուած անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքները, Պաղտատի հետ յետագայ լարուածութենէն ու ռազմական բախումներէն խուսափելու համար: