Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ողջ տարածքին «Քորոնա»ով վարակուած հայ հայրենակիցներ չկան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն։ Ստացուած տեղեկութեանց համաձայն Թեհրանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեանը հեռախօսային կապ հաստատած է Ատրապտականի, Նոր Ջուղայի թեմերու, ինչպէս նաեւ Արաք, Ղազուին, Ռաշտ, Անզալի, Սարի ու Գորգան շրջաններու եկեղեցա-դպրոցական հոգաբարձութեանց անդամներուն եւ պատասխանատուներուն հետ, անոնց փոխանցելով իր եւ ազգային իշխանութեան ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները եւ առաւել զգուշութեան թելադրանքներ տուած բոլորին:
Նշուած շրջաններու, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ գործող Սպահանի եւ Նոր Ջուղայի թեմերու պատասխանատուներ իրենց կարգին կարեւոր տուեալներ հաղորդած են Սրբազան հօր հաւաստիացնելով նաեւ, որ մինչեւ այս պահը «Քորոնա»ով վարակուած հայ պարագաներ չկան։
Թեմակալ Առաջնորդը ծանօթանալէ ետք երկու միւս թեմերուն մէջ տիրող ընդհանուր դրութեան իր գոհունակութիւնը արտայայտած է ու նաեւ յիշատակած, որ իրենց մշտատեւ աղօթքն է, որ «Բարձրեալն Աստուած հովանիի տակ պահէ մեր ժողովուրդին ու ողջ աշխարհին»։
Յիշեցնենք, որ «Քորոնա» վարակի հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամը կը շարունակուի Իրանի տասնեակ քաղաքներուն եւ յատկապէս մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ, իսկ կառավարութիւնը կը շարունակէ կարեւոր ճիգեր գործադրել կանխելու համար վարակի արագ տարածումը։