Օրերս Եգիպտոսի մէջ նշուեցաւ անուանի մտաւորական դոկտ. Ֆարաժ Ֆոտայի սպանութեան 28-րդ տարելիցը։ Ան իր տեսակէտներով կը հերքէր ծայրայեղական կազմակերպութիւններու եւ «Իսլամ Եղբայրներ»ու գաղափարները եւ կը բացայայտէր անոնց խորհրդաւոր միտումներն ու ձգտումը կրօնի քողին տակ հասնելու իշխանութեան։
Շատերու կարծիքով Ֆոտա, որ կը համարուի Եգիպտոսի հասարակութեան համար ճշմարտութիւնները քողազերծող քաջ մտաւորական մը, զոհ գացած է իր արի կեցուածքներուն։
Ան 27 Յունուար, 1992-ին, Աղեքսանտրիոյ բանավէճի մը ընթացքին, որու մասին գրած է «Ալ-Մասրի» թերթը, մերկացուցած է « Իսլամ Եղբայրներ»ուն սուտերն ու հակասութիւնները:
Իսկ ի պատասխան հակառակ կողմի անտեղի պնդումներուն Եգիպտացի Ֆոտա ըսած է,- «Իսլամ Եղբայրներ»ը կը ժխտեն թէ եգիպտացի անուանի առաջնորդ Սաատ Զաղլուլ աշխարհական մըն էր, ան առաջին խօսողն էր քաղաքացիական պետութեան մը մասին: Ան իր կնոջ ազատութիւն տուած էր քօղ կրելու: Ինչպէս նաեւ Ուասէֆ Ալ Քուփթին նշանակած էր խորհրդարանի նախագահ»:
Ֆոտա անդրադարձած էր «եղբայրներ»ու արծարծած գաղափարներուն, որոնք կը վերաբերին պաշտամունքի, անչափահաս աղջիկներու ամուսնութեան, եւ այլ խնդրայարոյց հարցերուն աւելցնելով, որ Եգիպտոսի սահմանադրութիւնը կը պարտադրէ, որ յօդուածները համահունչ ըլլան Իսլամական Շարիաթի սկզբունքներուն հետ: Եւ որեւէ մէկը դէմ չէ Շարիաթին, բայց պէտք է սահման դնել պետականութեան եւ կրօնքին միջեւ:
Ֆոտա վկայակոչած էր «Իսլամ Եղբայրներ»ու ղեկավարներուն կարծիքները, մանաւանդ ժողովրդավարութեան մասին մինչդեռ իսլամութեան մէջ առաջնորդը ցմահ կ'ընտրուի:
Ան ըսած է «Ես կ'ուզէի հարց տալ «Եղբայրներ»ու առաջնորդներուն, որոնք կը պահանջեն կրօնական պետութիւն, ի՞նչ տուաւ մեզի Օսմանեան կայսրութիւնը, որ հաստատած էր «խալիֆայութիւն», եւ ի՞նչ կը կատարուէր Իրանի մէջ կրօնքի անուան տակ»: Աւելցնելով, որ իսլամութիւնը աւելի վեհ է, ան ողորմութեան, գիտութեան, հանդուրժողականութեան, քաղաքացիութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան կրօնն է:
Եգիպտացի մտաւորականը ակնկալած էր ինչ տեղի պիտի ունենար այս տարածաշրջանին մէջ, «արաբական գարնան»ի յեղափոխութիւնները, «Իսլամ Եղբայրներ»ու իշխանութեան հասնիլը, եւ այլ քաղաքական իրադարձութիւններ:
Ֆոտա հեղինակն է տասնեակ հատորներու, ուր ան հերքած է իսլամական խմբակցութիւններու՝ ի մասնաւորի «Իսլամ եղբայրներ»ուն քաղաքական գաղափարախօսութիւնը:
Նշենք, որ աղէքսանդրիոյ մէջ կայացած յայտնի բանավէճէն ամիսներ անց Ֆարաժ Ֆոտա սպանուեցաւ իր գրասենեակին դիմաց երկու ծայրայեղական զինեալներու ձեռամբ:
Նիւթը ՝ «Ալ Արապիա»էն.
«Արեւելք»ի համար թարգմանեց ՝ Թ.Գ.