image

Սպանութեան դէպք Վայոց Ձորի մէջ

Սպանութեան դէպք Վայոց Ձորի մէջ

1 մայիսին, հրազէնի գործադրմամբ սպանութիւն տեղի ունեցած է Վայոց ձորի մարզին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ SHAMSHYAN.com-ը:

Ժամը 21:40-ի սահմաններուն, «Եղեգնաձոր» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է հրազէնային վնասուածքով քաղաքացի մը, որ որոշ ժամանակ անց՝ գիտակցութեան չգալով, մահացած է:  

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը հիւանդանոց տեղափոխուած է Եղեգնաձոր քաղաքի «Գետնատուն» գինեգործարանի տարածքէն: Դէպքի վայրի հարեւանութեամբ գտնուող փողոցին մէջ յայտնաբերուած են Toyota Camry մակնիշի մեքենայ, որով՝ ըստ նախնական տեղեկութիւններու, սպանութիւն կատարողը ժամանած է նշուած գինեգործարան եւ իր մօտ եղած որսորդական երկփողանի հրացանով կրակած է 29-ամեայ Վահէ Մկրտչեանի ուղղութեամբ:

Որոշ ժամանակ անց ան ինքնակամ ներկայացած է ոստիկանութեան Եղեգնաձորի բաժին:

Դէպքի վայրին մէջ ոստիկաններն ու քննիչները յայտնաբերած են 2 բջիջային հեռախօս, արնանման հետքեր, ինչպէս նաեւ յանցագործութեան գործիք հրացանը:

Փաստի առթիվ յարուցուած է քրէական գործ:

Դէպքի վայր հաւաքուած մի քանի քաղաքացի ըսած էին, որ սպանուածը սպանութեան կասկածանքով ոստիկանութիւն ներկայացած Նայիրի Պաղտասարեանի քրոջ տղան էր, սպանուածը նաեւ գործարանի սեփականատիրոջ՝ Աղասի Պաղտասարեանի թոռն էր: