Իսրայէլեան «Տէպքա» հետախուզական կայքը խօսելով Հոմսի մէջ T-4 ռազմական օդակայանի հարուածման մասին, պնդած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն այն իրականացնելու կանաչ լոյսը ստացած է Սպիտակ Տունէն:
Մանրամասներ ներկայացնելով կայքը գրած է, որ Իսրայէլ Սպիտակ Տան տեղեկացուցած է իրանեան զինամթերքի նոր բեռնակառք մը հարուածելու եւ ոչնչացնելու անհրաժեշտութեան մասին, որ կ'ուղղուէր «Հըզպալլա»ին:
Կայքը նաեւ պնդած է, որ T-4-ի հարուածումը եւ Տումայի վրայ եղած քիմիական յարձակումը իրար կապելու ետին կանգնած է Իրանը, մատնանշելով, որ ան օգտագործելով միջազգային զայրոյթը, «Հըզպալլա»ին շատ զարգացած զինամթերք առաքած է:
Զուգահեռաբար, կայքը լոյսի տակ առած է Ռուսիոյ «թշնամական» ոճը Իսրայէլի նկատմամբ, եզրակացնելով, որ Իսրայէլ այժմ կը վախնայ, որ Փութին ամբողջապէս երես թեքէ Իսրայէլէն այն աստիճան, որ կողմնակից դառնայ Սուրիոյ, Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի կողմէ Թէլ Աւիւի դէմ պատերազմ սկսելուն: