Ինչպէս «Արեւելք» տեղեկացուցած էր, օրերս Երեւանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ անուանի հրապարակախօս՝ Երուանդ Ազատեանի նոր տպագրուած հատորին՝ «Ազգային- քաղաքական յորձանուտին մէջ» ներկայացման միջոցառումը:
Այդ առթիւ նաեւ խօսք առած էր ինքը, հեղինակը՝ Երուանդ Ազատեան, որ կը գտնուէր Երեւան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազատեանի խօսքին գլխաւոր հատուածը։
Օր մը, ես ինծի չեմ հարցուցած, թէ ինչու կը գրեմ, բայց երբ այս գրքին նախաբանը կը կարդայի (Ի նկատի ունի «Ազգային-քաղաքական յորձանուտի մէջ» հատորը-խմբ.) Յակոբ Աւետիքեանի կողմէ, այդտեղ ինք Տեքարթեան ճշմարտութիւն մը նշած է՝ «Կը խորհիմ, հետեւաբար գոյութիւն ունիմ», եւ ինք ատիկա փոխադրելով ստեղծագործական տիրոյթ, կ'ըսէ՝ «Կը գրեմ, հետեւաբար գոյութիւն ունիմ»: Ես, ուրեմն, երբ որ կը գրեմ, կ'ընծայեմ այն, ինչ որ կու տամ ընթերցողին, նոյնքան նաեւ կը ստանամ ընթերցողէն: Իմ քաղաքական, վերլուծական գործերուս մէջ կ'առաջնորդուիմ երկու ուղղութիւններով՝ հորիզոնական եւ ուղղահայեաց. Հորիզոնականը այն, որ մեր հայկական իրականութիւնը՝ հայոց ճակատագիրը, հայոց պատմութիւնը, Հայաստանը, իր առնչութիւնները տեղաւորել միջազգային, քաղաքական քոնթեքսթի մէջ. առանց ատոր, առանց ծանօթանալու եւ տեղեակ, իրազեկ ըլլալու միջազգային իրադարձութիւններէն, եթէ դուն ծանօթ չես եւ այդ տարրը տեղ մը չունի քու վերլուծումին մէջ, կը նշանակէ, որ բան մը պակաս է... եւ ձ վերլուծական ուղղութիւնը բովանդակութենէ զուրկ է, իսկ երկրորդը՝ պատմութիւնն է։
Ես պատմաբանի կոչում չունիմ, բայց կրնամ համեստօրէն, ըսել որ պատմութեան ուսանող մըն եմ, պատմութիւնը շատ կը սիրեմ, եւ անկարելի է քաղաքական վերլուծում կատարել, մանաւանդ հայկական քաղաքական վերլուծում կատարել, առանց պատմութեան գիտակ ըլլալու կամ պատմութեան առնչութիւնները տեսնելու՝ այսօրուան իրականութեան մէջ։ Օրինակ՝ այս օրերուն՝ Հոկտեմբեր 13-ին, ինչպէս գիտէք, Կարսի դաշնագրի 100-ամեակը պիտի նշուի, եւ այդ օր, այդ դաշնագիրը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ, ի՞նչ պիտի ընէ հայութիւնը, ի՞նչ է ատոր նշանակութիւնը մեզի համար:
Ինչ կը վերաբերի անգլերէնով գրուած նիւթերուն, ապա այնտեղ, աւելի ընդարձակ կերպով կը ներկայացնեմ պատմական շարադրանքը, որովհետեւ կ'ենթադրեմ, որ հայ միջին ընթերցողը որոշ չափով հայոց պատմութեան անցուդարձերուն ծանօթ է, բայց ամերիկահայոց մեծ մասը, որոնք հայերէն չեն գիտեր, այդ պատմութեան ընթացիկ տուեալներուն ծանօթ չեն, ու այդ պատճառով ալ հարկ կը համարեմ յաճախ, աւելի մանրամասն բացատրութիւններով հանդէս գալ։