Այդ օրը աւելի վաղ ANCA-ի անդամներ Անի Չաղլասեանը եւ Ճօ Արիյեանը ցուցմունք տուած են Սենատի դատական յանձնաժողովին՝ ի պաշտպանութիւն այդ միջոցառման:
Ի լրումն Արցախի ճանաչման, բանաձեւը կը դատապարտէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակման համար, եւ կը հաստատէ Նիւ Ճըրզի նահանգի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: