image

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Վլատիմիր Փութինի Գրասենեակը Գտնուող «Օտար Մարմինը»

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Վլատիմիր Փութինի Գրասենեակը Գտնուող «Օտար Մարմինը»

Ռուսիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Քրեմլինը բացայայտած է  Փութինի գրասենեակը գտնուող առեղծուած դարձած «օտար մարմնի» գաղտնիքը, որ երեւցած էր Փութինի կողմէ ռուսական ուժերը Սուրիայէն դուրս բերելու որոշումի կայացման ժողովին առնուած նկարներուն մէջ, եւ որ գրաւած էր բոլորի ուշադրութիւնը: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ սկիզբը հեռուստադիտողներն ու համացանցով հետեւողները ենթադրած էին, որ այդ օտար մարմինը արդուկի սեղան ըլլալու էր, ինչն ալ ընկերային ցանցեր օգտագործողներու մօտ հարցադրումներու տեղիք տուած էր, թէ ինչու՞ նման սեղան մը տեղ պիտի գրաւէր Փութինի գրասենեակին մէջ, եւ թէ արդեօ՞ք նախագահ Փութին իր ձեռքով կ'արդուկէ իր շապիկները: Սակայն երէկ, Քրեմլին վերջ տալով կատակներուն, բացատրած է, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան եւ արտաքին նախարարներու հետ Փութինի ունեցած ժողովի նկարներուն մէջ երեւցածը, իրականութեան մէջ օդը մանրէներէ  մաքրող սարք էր: Քրեմլինի պատասխանատուներ նաեւ նշած են, որ այս ռուսական արտադրանք «Dizarr -7» տեսակի սարքը գրասենեակին մէջ տեղադրուած էր Փութինի պահանջքով, որպէսզի հանգիստ միջավայր ապահովէ իր գրասենեակի մէջ կայացած հանդիպումներուն: