image

Էրտողան Շուշիի մէջ մարտահրաւէր նետած է Փութինին

Էրտողան Շուշիի մէջ մարտահրաւէր նետած է Փութինին

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի այցը գրաւեալ հայկական Շուշի քաղաք՝ նշանաւորուած է փաստաթուղթի ստորագրմամբ, որ, ըստ Թուրքիոյ առաջնորդի, ոչ միայն տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ներկայութիւնն ուժեղացնելու, այլ անոր նոր որակ հաղորդելու համար է:

 

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Թուրքիոյ ղեկավար Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը ստորագրած են, այսպէս կոչուած, Շուշիի հռչակագիրը:

«Էրտողանն ու Ալիեւը պայմանաւորուած են գլխաւորի շուրջ՝ վերջապէս, որոշուած է երկու պետութիւններու միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու որակական վերափոխման քաղաքական եւ իրաւական դաշտը: Միեւնոյն ժամանակ, Ալիեւը եւ Էրտողանը պատշաճ ուշադրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ կը վերաբերին Ղարաբաղի մէջ ռուսական զօրքերու խաղաղապահ զօրախումբի առաքելութեան: Եւ անոնք բացայայտ կը յայտարարեն, որ կը սատարեն ռուս խաղաղապահներուն եւ Ղարաբաղի երկրորդ մայրաքաղաք Աղտամի մէջ տեղակայուած թրքական ռազմական զօրախումբի փոխգործակցութեան: Աւելին, ռուս-թրքական տիրակցութիւնն է (condominium), որ ամուր հիմք պիտի դառնայ ատրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներու խաղաղ նախաձեռնութիւններու զարգացման եւ ապագայ համակեցութեան համար»,- գրած է haqqin.az- ը:

Փաստօրէն, Թուրքիան բացայայտ յայտարարած է Ղարաբաղի մէջ իր ռազմական ներկայութեան եւ ռազմական զօրախումբը տեղակայելու մասին:

Յիշեցնենք, որ ի սկզբանէ խօսքը միայն հրադադարի ռեժիմի պահպանման դիտարկման կեդրոնի մասին էր: