Այսօր յետմիջօրիէ ժամերէն սկսեալ Պէյրութի զանազան թաղամասերու մէջ բողոքարար բազմութիւններ վարուած անիւներով փակած են մայրուղիները:
Պատճառը Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի հասցէին հնչեցուցած խօսքերն են, ուր քրիստոնեայ նախարարը վիրաւորական ոճով մը խօսելով ըսած էր, որ «Պըրրի խորհրդարանի նախագահ չէ, այլ «պալթաճի» մըն է» (ըսել կ'ուզէր կռուարար):
Յիշեցնենք, որ խորհրդարանի նախագահի հասցէին հնչած եւ Պըրրի համակիրներուն կողմէ վիրաւորական համարուած խօսքերը տարածուած էին ընկերային ցանցերուն միջոցաւ «սպրթած» եւ հեռախօսով տեսագրուած տեսերիզի մը ճամբով:
Նոյն առումով քիչ առաջ պարզ դարձաւ, որ Պըրիի ղեկավարած «Ամալ» շարժումի համակիրներ անիւներ վարած են «Միրնա Շալուհի» շրջանի կեդրոնատեղիին մօտ ու նոյն շրջանին մէջ լսուած է կրակոց:
Յիշեցնենք, որ խորհրդարանի նախագահ Պըրրի (շիիթ) եւ երկրի նախագահ զօր. Աուն (մարոնի) բաւական երկար ատենէ ի վեր իրար հետ լուրջ տարակարծութիւններ ունին: