image

Ի՞նչ կը կատարուի Դամասկոսի դրամատուներուն դիմաց

Ի՞նչ կը  կատարուի Դամասկոսի դրամատուներուն դիմաց

Սուրիոյ ներքին անվտանգութեան ուժերը խումբ մը անհատներ, ինչպէս նաեւ աւազակային ցանցեր յայտնաբերած ու ձերբակալած են, որոնք ժամեր շարունակ դրամատուներու դիմաց նստելով կը հետեւէին մեծ գումարներով դուրս եկող յաճախորդներուն ու կը կողոպտէին զիրենք: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ուաթան» թերթը:

Աղբիւրին համաձայն, կողոպտուած գումարները քանի մը տասնեակ միլիոնի հասած են: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, աւազակները կը հետեւէին մեծ գումարներով դրամատուներէն դուրս եկած քաղաքացիներուն, մինչեւ որ վերջիններս կը հասնէին իրենց բնակարանները կամ որեւէ վայր, ուր ինքնաշարժը կը կայանէին: Անկէ ետք աւազակները տարբեր գործիքներու օգտագործմամբ ինքնաշարժի դուռը բանալով գումարները կը յափշտակէին:

Աղբիւրը, վկայակոչելով կողոպւոտի ենթարկուած անհատներու պատմածները, նշած է, որ աւազակները Դամասկոսը բաժնած էին շրջաններու, եւ իւրաքանչիւր խումբ պատասխանատու էր իրեն վստահուած շրջանին մէջ գործունէութիւն ծաւալելու:

Աւազակներէն ոմանք նաեւ պայմանագրային համաձայնութիւն կնքած են որոշ փաստաբաններու հետ, որոնք երաշխաւորած են ձերբակալուելու պարագային անոնց ազատ արձակման գործընթացն իրականացնել, որ եւ քանի մը անգամ նման դէպքեր պատահած են: