image

Ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հոմսի T-4 օդակայանը. Տուեալներ

Ի՞նչ  կարեւորութիւն  կը ներկայացնէ Հոմսի  T-4  օդակայանը. Տուեալներ

Դամասկոս կը մեղադրէ Իսրայէլը երկուշաբթի օր  T-4 ռազմական օդակայանին օդային հարուած հասցնելու մէջ: Նշենք, որ օդային  գրոհին  հետեւանքով Սուրիոյ    կառավարական   ուժերու   եւ իրանցի   սպայակազմի  անդամներէն 14 անձեր  սպաննուած են:

 

Reuters ներկայացնելով օդակայանի կարեւորութիւնը կը գրէ, որ հրթիռներու թիրախ դարձած օդակայանը, կը գտնուի Ալ-Թիաս գիւղին մէջ, Փալմիրա քաղաքէն 60 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Հոմս նահանգի մէջ: 

 

Ան կը նկատուի ամենամեծ ռազմական օդակայանը Սուրիոյ մէջ, որուն մեծութեամբ կը յաջորդէ Ալ-Տմայր օդակայանը:

 

 1970 -1980-ական թուակններուն Խորհրդային  Միութիւնը իրաւունք ստացած էր անոր օդային ռազմակայանը օգտագործելու:

Կը նշուի, որ «Տահէշ»   ահաբեկչական   խմբաւորումը յարձակած է օդակայանին վրայ եւ կործանած այնտեղ գտնուող 4 ռազմական օդանաւեր:

 

«Human Rights Watch»ի համաձայն, անցեալ փետրուարին իսրայէլեան   կործանիչ  մը  հարուածած  էր օդակայանը,  որուն  հետեւանքով ոչնչացուած էր անոր գլխաւոր դիտակէտի աշտարակը: