image

«Իմ Թագաւորս եւ իմ Տէր Աստուածս, լսէ' իմ աղօթքս...» Մեծն Ֆէյրուզը Սաղմոսէն հատուած կը կարդայ (Տեսանիւթ)

«Իմ Թագաւորս եւ իմ Տէր Աստուածս, լսէ' իմ աղօթքս...» Մեծն  Ֆէյրուզը Սաղմոսէն հատուած կը կարդայ (Տեսանիւթ)

Արաբական   աշխարհի անզուգական երգչուհին ՝ Ֆէյրուզը,  իր  իւրայատուկ ոճով մասնակցած է  «Քորոնա»ի դէմ  պայքարին։

Լիբանանեան երգի  «իշխանուհին», որուն   համբաւը  տարածուած է նաեւ Արաբական  Աշխարհէն դուրս,   երէկ կարճ տեսանիւթով մը մասնակից եղած է «Քորոնա»ի  դէմ ընթացող պայքարին  եւ  կարդացած է   Աստուածաշունչէն  հատուած մը, ուր սեղմ  տողերու մէջ  փորձած է ներկայացնել  այսօրուան մարդուն մտածումները, մտախավութիւնները ու  մանաւանդ  դժուարին պահերուն   Բարձրեալ  Աստծոյ  ապաւինելու մօտեցումը։ Յիշեցնենք, որ Ֆէյրուզ  80-ը անց  է եւ      վերջին ժամանակներուն կ՚ապրի  Փարիզ, ինչպէս նաեւ  տարբեր  առիթներով ան կ՚այցելէ  իր ծննդավայրը  ՝ Պէյրութ։

Ստորեւ  թարգմանաբար  կը ներկայացնենք, Ֆէյրուզի  ընթերցած  Սաղմոսէն    հատուած  մը.

 

«Աստուած իմ, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս, ինչո՞ւ կ՚անհետանաս մեր նեղ   ատեններուն։

Իմ Թագաւոր եւ իմ Աստուած, լսէ  իմ խօսքերս, Քեզի կ՚ուղղեմ աղօթքներս ու կը սպասեմ:   Դուն պիտի փրկես     ընկճուած  ժողովուրդը, եւ Դուն  պիտի վառես մեր պատրոյգը։

Պիտի վանէ  իմ Տէրը  խաւարը։

 ...

Սիրտս  ամուր է ու հաստատ,  ո՜վ Աստուած,

Կ՚երգեմ քեզի համար,

Օգնէ  մեզի,  ո՜վ  Տէր,  այս  դժուարին    պահերուն։

Մեր Աստուածը, որ   բազմած է Երուսաղէմի  իր  տաճարին մէջ   եւ  անոր  աչքերը  մեր  վրայ են  յառած։

Ձեր  սրտերը      մատուցէք  մեր Տէրոջ.

Քանզի Տէր Աստուածը մեր   բոլորին     ապաստան  տուողն է, յենարան է  Տէր Աստուածը»։