image

«Իբրեւ սաղիմահայեր մեր պայքարը տարբեր պայքար մըն է». Երգիչ Աբօ Սահակեան (Տեսանիւթ)

«Իբրեւ սաղիմահայեր մեր պայքարը  տարբեր պայքար մըն է». Երգիչ  Աբօ  Սահակեան  (Տեսանիւթ)

Աբօ Սահակեանին անունը առաջին անգամ լսեցի դիմատետրին մէջ կատարուած գրառումին միջոցով:Սաղիմահայ երիտասարդը, որ ռոք խումբի մը հիմնադիր-մեներգիչն էր, դէպի Լոնտոն իր ճանապարհին խնդիր մը ունեցած էր «Պեն Կորիոն» օդակայանի ապահովական տեսուչներուն հետ: Անոնք անյայտ պատճառներով «բռնագրաւած» էին վերջինիս կիթառը եւ երիտասարդը ստիպուած կ՚ըլլար դիմել իր «լոնտոնցի» ընկերներուն, որպէսզի կարողանար յաջողութեամբ պսակել Անգլիոյ մէջ կայացուելիք համերգը: Աւելի ուշ կարճ նիւթ մը շարադրեցի Աբոյին հետ կատարուածին մասին եւ ապա օգտուելով անոր Երեւան տուած այցելութենէն յաջողեցայ սոյն հարցազրոյցը կատարել:

Ինչպէ՞ս յղացաք խումբ մը հիմնադրելու գաղափարը եւ որո՞նք են խումբին մնացեալ անդամները:

 

Մինչեւ 2013 թուական առանձին կ՚երգէի եւ հանդէս կու գայի իբրեւ Աբօ Սահակեան եւ ընդհանրապէս հայերէն ու անգլերէն երգեր կը յօրինէի, կը նուագէի ու կ՚երգէի: 2013-ին ծանօթացայ գանատացիի մը եւ աւստրալիացիի մը հետ, որոնք Երուսաղէմ կը բնակէին եւ որոշեցինք խումբ մը կազմել: Բեթղեհէմի մէջ ունէի երկու արաբ ընկերներ ալ, որոնք եւս միացան խումբին: Իսկ մէկ տարի վերջ գանատացի ընկերս բաժնուեցաւ խումբէն եւ նոր անդամներ միացան խումբին: Խումբը կոչուեցաւ Apo And Apostles՝ իմ անունովս, իրենց որոշմամբ, որովհետեւ անունս արդէն ծանօթ էր հրապարակի վրայ:

 

Արաբերէն երգեր ալ սկսանք երգել, սակայն այդ մէկը իմ որոշումովս չէր եւ ես չէի ուզեր միայն արաբերէն երգերով հանդէս գալ, որովհետեւ իմ կեդրոնացումս աւելի հայերէն եւ անգլերէն երգերու վրայ էր: Աւելի վերջ յղացանք արաբերէնով երգելու միտքը, «երգի շուկայ»ին մէջ արաբերէնը կարեւոր տեղ ունէր: Զգացինք նաեւ, որ «արաբական շուկայ»ին մէջ տակաւին բաց մը կայ եւ կրնանք դիւրաւ մուտք գործել հոն: Իսկապէս ալ այդպէս եղաւ, յաջողեցանք եւ մեծ հռչակ ձեռք ձգեցինք մեր շրջանին մէջ: Հայաստանի մէջ ալ մարդիկ կը ճանչնան զիս, իբր Աբօ Սահակեան՝ իմ հայերէն երգերովս: Ուրիշներ ալ կը ճանչնան, որպէս խումբի անդամ եւ մեներգիչ: Խորքին մէջ ալ ինծի համար երկու «Աբօ»ներ կան: Կայ մենրեգիչ Աբօ Սահակեանը եւ գոյութիւն ունի Apo And Apostles խումբի անդամ՝ Աբօ Սահակեանը: Այս երկու «նկարագրեր»ը իրարմէ տարբեր են:

 

 

Ըսիք, որ ձեզի համար տարբեր բան մըն է Երուսաղէմը: Հոն եղող ազգային ժառանգութիւնը, մշակութային գանձերը, եւ այլն, եւ այլն։ Ի վերջոյ ի՞նչ նշանակութիւն ունին այս բոլորը ձեզի համար:

 

Իբր հայ, մենք այդ Սուրբ Քաղաքին մէջ մեզի պատկանող թաղամաս ունինք, կալուածներ ունինք, որոնք պարտաւոր ենք պահպանել ո՛չ թէ անձնական շահերէ մղուած, այլ՝ ազգային բարձր զգացումներէ մղուելով: Երբ ռուսահայը գայ, ֆրանսահայը գայ, հայաստանցին գայ եւ քալէ այդ թաղամասէն, հպարտ եւ ուրախ կը զգայ, որ հայկականութիւն կայ այդ Սուրբ Երկրին մէջ: Մենք շատ կապուած ենք մեր մշակոյթին, մեր լեզուին: Մեր գաղութը կը կազմէ 700-800 հոգի, սակայն մենք 800-ով ալ կը շարունակենք կրել ու ապրիլ այդ լեզուն: Կապուած ենք հայրենիքին եւ մեզի համար հայ ըլլալը կարեւոր է, ճակատագիր է եւ դիւրին չէ:

 Հայութեան ապագան եւ հայկական հարստութիւնը վտանգուա՞ծ է Երուսաղէմի մէջ:

 

-Ինչպէս ամէնուրեք, Երուսաղէմի մէջ ալ որոշակի անկում մը կ՚ապրինք: Հայկական թաղամասն ալ կարգ մը վտանգներու առջեւ կանգնած է: Սակայն մեր պարտականութիւնն է յաղթահարել բոլոր այդ վտանգները եւ ես կը հաւատամ, որ պիտի յաղթահարենք:

 

 

 

 

 

Նիւթը ՝ «Ժամանակ»  օրաթերթէն