Աբօ Սահակեանին անունը առաջին անգամ լսեցի դիմատետրին մէջ կատարուած գրառումին միջոցով:Սաղիմահայ երիտասարդը, որ ռոք խումբի մը հիմնադիր-մեներգիչն էր, դէպի Լոնտոն իր ճանապարհին խնդիր մը ունեցած էր «Պեն Կորիոն» օդակայանի ապահովական տեսուչներուն հետ: Անոնք անյայտ պատճառներով «բռնագրաւած» էին վերջինիս կիթառը եւ երիտասարդը ստիպուած կ՚ըլլար դիմել իր «լոնտոնցի» ընկերներուն, որպէսզի կարողանար յաջողութեամբ պսակել Անգլիոյ մէջ կայացուելիք համերգը: Աւելի ուշ կարճ նիւթ մը շարադրեցի Աբոյին հետ կատարուածին մասին եւ ապա օգտուելով անոր Երեւան տուած այցելութենէն յաջողեցայ սոյն հարցազրոյցը կատարել:
Ինչպէ՞ս յղացաք խումբ մը հիմնադրելու գաղափարը եւ որո՞նք են խումբին մնացեալ անդամները:
Մինչեւ 2013 թուական առանձին կ՚երգէի եւ հանդէս կու գայի իբրեւ Աբօ Սահակեան եւ ընդհանրապէս հայերէն ու անգլերէն երգեր կը յօրինէի, կը նուագէի ու կ՚երգէի: 2013-ին ծանօթացայ գանատացիի մը եւ աւստրալիացիի մը հետ, որոնք Երուսաղէմ կը բնակէին եւ որոշեցինք խումբ մը կազմել: Բեթղեհէմի մէջ ունէի երկու արաբ ընկերներ ալ, որոնք եւս միացան խումբին: Իսկ մէկ տարի վերջ գանատացի ընկերս բաժնուեցաւ խումբէն եւ նոր անդամներ միացան խումբին: Խումբը կոչուեցաւ Apo And Apostles՝ իմ անունովս, իրենց որոշմամբ, որովհետեւ անունս արդէն ծանօթ էր հրապարակի վրայ:
Արաբերէն երգեր ալ սկսանք երգել, սակայն այդ մէկը իմ որոշումովս չէր եւ ես չէի ուզեր միայն արաբերէն երգերով հանդէս գալ, որովհետեւ իմ կեդրոնացումս աւելի հայերէն եւ անգլերէն երգերու վրայ էր: Աւելի վերջ յղացանք արաբերէնով երգելու միտքը, «երգի շուկայ»ին մէջ արաբերէնը կարեւոր տեղ ունէր: Զգացինք նաեւ, որ «արաբական շուկայ»ին մէջ տակաւին բաց մը կայ եւ կրնանք դիւրաւ մուտք գործել հոն: Իսկապէս ալ այդպէս եղաւ, յաջողեցանք եւ մեծ հռչակ ձեռք ձգեցինք մեր շրջանին մէջ: Հայաստանի մէջ ալ մարդիկ կը ճանչնան զիս, իբր Աբօ Սահակեան՝ իմ հայերէն երգերովս: Ուրիշներ ալ կը ճանչնան, որպէս խումբի անդամ եւ մեներգիչ: Խորքին մէջ ալ ինծի համար երկու «Աբօ»ներ կան: Կայ մենրեգիչ Աբօ Սահակեանը եւ գոյութիւն ունի Apo And Apostles խումբի անդամ՝ Աբօ Սահակեանը: Այս երկու «նկարագրեր»ը իրարմէ տարբեր են:
Ըսիք, որ ձեզի համար տարբեր բան մըն է Երուսաղէմը: Հոն եղող ազգային ժառանգութիւնը, մշակութային գանձերը, եւ այլն, եւ այլն…։ Ի վերջոյ ի՞նչ նշանակութիւն ունին այս բոլորը ձեզի համար:
Իբր հայ, մենք այդ Սուրբ Քաղաքին մէջ մեզի պատկանող թաղամաս ունինք, կալուածներ ունինք, որոնք պարտաւոր ենք պահպանել ո՛չ թէ անձնական շահերէ մղուած, այլ՝ ազգային բարձր զգացումներէ մղուելով: Երբ ռուսահայը գայ, ֆրանսահայը գայ, հայաստանցին գայ եւ քալէ այդ թաղամասէն, հպարտ եւ ուրախ կը զգայ, որ հայկականութիւն կայ այդ Սուրբ Երկրին մէջ: Մենք շատ կապուած ենք մեր մշակոյթին, մեր լեզուին: Մեր գաղութը կը կազմէ 700-800 հոգի, սակայն մենք 800-ով ալ կը շարունակենք կրել ու ապրիլ այդ լեզուն: Կապուած ենք հայրենիքին եւ մեզի համար հայ ըլլալը կարեւոր է, ճակատագիր է եւ դիւրին չէ:
Հայութեան ապագան եւ հայկական հարստութիւնը վտանգուա՞ծ է Երուսաղէմի մէջ:
-Ինչպէս ամէնուրեք, Երուսաղէմի մէջ ալ որոշակի անկում մը կ՚ապրինք: Հայկական թաղամասն ալ կարգ մը վտանգներու առջեւ կանգնած է: Սակայն մեր պարտականութիւնն է յաղթահարել բոլոր այդ վտանգները եւ ես կը հաւատամ, որ պիտի յաղթահարենք:
Նիւթը ՝ «Ժամանակ» օրաթերթէն