image
Հրատապ լուրեր:

«Հըզպալլա» Իսրայէլի հետ ճակատագրական պատերազմի կը պատրաստուի. «Daily Beast»

«Հըզպալլա» Իսրայէլի հետ ճակատագրական պատերազմի կը պատրաստուի. «Daily Beast»

Ամերիկեան «Daily Beast» կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր յայտնած է, թէ «Հըզպալլա»ի զինեալները Իսրայէլի հետ ճակատագրական պատերազմի կը պատրաստուին, միաժամանակ շեշտելով, որ «Հըզպալլա»ի համար շաբաթը մեծ յաջողութիւններով մեկնարկեց, սակայն բաւական մութ ու վտանգաւոր աւարտ պիտի ունենայ:

Յօդուածագիրը անդրադարձած է վերջին շրջանին Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցած փոխադարձ յարձակումներուն, դիտել տալով, որ 1973 թուականէն ի վեր Իսրայէլ առաջին անգամ է, որ այսքան բուռն կերպով յարձակումներ կ'իրականացնէ, բան մը, որ պատերազմի բռնկման վտանգ կը ներկայացնէ, որուն մէջ պիտի ներգրաւուի նաեւ «Հըզպալլա»:

Յօդուածին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ մեծ պատերազմի մեկնարկը պիտի տրուի այն պարագային, եթէ Իսրաէլ Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի վրայ յարձակի, կամ եթէ վերջինս աջակցի Իրանին, լիբանանեան հողերէն Իսրայէլը հարուածելու, շեշտելով, որ յիշեալ պարագային պատերազմն առաւել կործանիչ պիտի ըլլայ, քան 2006-ի պատերազմը:

Յօդուածագիրը, վկայակոչելով Ուաշինկթըի համալսարանի գիտնական Ֆիլիփ Սմիթի յայտարարութիւնը, նշած է, որ «Հըզպալլա» վերջին պատերազմէն ի վեր ռազմական առումով զգալիօրէն ուժեղացած է: Այն ներկայիս 5-8 հազար զինեալ ունի Սուրիոյ մէջ, եւ անկէ աւելի մեծ թիւով զինեալներ՝ Լիբանանի մէջ: Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու, «Հըզպալլա»ի հրթիռներուն թիւը կը գերազանցէ հարիւրը: